Հրատապ լուրեր:

Նուրհան Թաուֆիք. Կամ յիշելով «Աշխարհի գեղեցկուհի» ՝Ժորժինա Ռըզքը

Նուրհան Թաուֆիք. Կամ յիշելով   «Աշխարհի գեղեցկուհի» ՝Ժորժինա Ռըզքը

Լիբանանցի անուանի երգիչ Ուալիտ Թաուֆիք Ինսթակրամեան գրառմամբ մը շնորհաւորած է իր դստեր՝ Նուրհանի ծննդեան օրը, գրելով.-

«Ամէն տարի դուն իմ կեանքի ուրախութիւնն ես.. ամէն տարի եւ դուն ամենագեղեցիկ սէրն ես, որ Տէրը պարգեւած է ինձ.. Ես կը սիրեմ քեզ, աղջիկս, եւ տայ Աստուած, հարիւրդ բոլորես»։

Ուալիտ Թաուֆիքի այս գրառումը լայն արձագանգ գտած է հետեւորդներու կողմէ, որոնք մեկնաբանութիւններով շնորհաւորած են երիտասարդուհին ծննդեան օրուան առթիւ՝ մաղթելով յաջողութիւններ եւ երկար տարիներու կեանք։

Հետեւորդներէն շատեր անտարբեր չեն մնացած Նուրհանի գեղեցկութեան հանդէպ եւ գովասանքի խօսքեր յղած են անոր, իսկ ոմանք ալ նկատած են, որ ան շատ նման է իր մօր՝ լիբանանցի գեղեցկուհի Ժորժինա Ռըզքին:

Նշենք, որ Ռըզք 1971 թուականին դարձած էր ՝Miss World:

Այս կապակցուեամբ մեկնաբանութիւններուն մէջ ըսուած է՝ «Մօր նմանն է, երկար կեանք իրեն», «փոքրիկ Ժորժինա, այսքան նմանութի՛ւն, Աստուած պահէ»... եւ այս տիպի այլ գրառումներ։

Շարք մը յայտնիներ եւս արձագանգած են Թաուֆիքի գրառման, ինչպիսիք են՝ արուեստագէտներ Շազա Հասսուն, Ժատ Շուէյրի, Մունա Ապու Համզա, Տունիա Ապտ ալ-Ազիզ եւ այլք:

 

Լուրը՝ համացանցէն։