image
Հրատապ լուրեր:

Նուլանտ քննադատած է Թուրքիան

Նուլանտ քննադատած է Թուրքիան
Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը օրերս քննարկած է Թուրքիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը, ուր անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հարցով Անգարայի ներգրաւուածութեան, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»:
 
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցած տարուան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ երրորդ կողմերու, այդ շարքին` Թուրքիոյ դերակատարութիւնը սրեց տարածաշրջանային լարուածութիւնը, յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը Թուրքիոյ վերաբերեալ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն: Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Ուաշինկթընը ճնշում գործադրած է Անգարայի նկատմամբ՝ կայունութեան սպառնացող տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն չներգրաւուելու համար:
 
«Մենք ճնշում գործադրած ենք Թուրքիոյ նկատմամբ, որպէսզի վերջինս ճնշում գործադրէ Պաքուի վրայ բոլոր ռազմագերիները անմիջապէս ազատ արձակելու հարցով, աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի ռեժիմին եւ օժանդակէ կողմերուն հակամարտութեան կայուն, երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներուն»,- յայտարարած է Նուլանտը:
 
Լսումները նախագահող Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեզը հետաքրքուած է, թէ արդեօք պետական քարտուղարի տեղակալը տեղեակ է, որ Թուրքիան նպաստած է Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան զինեալներու տեղափոխման 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի ժամանակ: Պետական քարտուղարի տեղակալը հրաժարած է պատասխանել հարցին՝ առաջարկելով այն դարձնել առանձին քննարկման առարկայ:
 
«Կը կարծեմ, որ աւելի յարմար կ'ըլլար Ձեր նշած այս դրոյթը քննարկել առանձին առիթով մէկ այլ պայմաններու մէջ, եթէ այն Ձեզի համար ընդունելի է, պարոն Նախագահ»՛,- պատասխանած է ան:
 
Իր արձագանգին մէջ, Մենենտեզը ակնարկած է, որ նաեւ կը սպասէ պետական քարտուղարութեան արձագանգին, թէ արդեօք ուսումնասիրուած է Ատրպէյճանի կողմէ գործածուած թրքական որեւէ անօդաչու թռչող սարք: Այն կը ներառէ ԱՄՆ-ի մէջ արտադրուած մասեր, որ ես կը համարեմ բոլորովին անընդունելի, շեշտած է ան:
 
Տարածաշրջանին մէջ թրքական յարձակումներու օրինաչափութիւնը դարձած է նորմ, նշած է Մենենտեզ՝ անդրադառնալով Անգարայի ներգրաւուածութեան ԼՂ հակամարտութեան մէջ: Ան գործող վարչակազմէն կ'ակնկալէ յստակ գնահատական եւ քայլեր այս հարցով Թուրքիոյ գործողութիւններու վերաբերեալ՝ Անգարան քննադատելով Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ Սուրիայէն այստեղ զինեալներու փոխադրման նպաստելու համար: