Օրերս Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ գործիչներէն ՝ Մանուէլ Հալլաճեան։
Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ շարադրուած մահագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հանգուցեալին կենսագրական գիծերը։
Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ Հ․Մ․Ը․Մ․ական՝
ԵՂԲ․ ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Գանատա։
Կենսագրական գիծեր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի պատմական տարիները կերտած դէմքերէն Մանուէլ Հալլաճեան կը պատկանի սերունդին այն տղոց, որոնք գաղափարի կիրքով ու նուիրումով, անսահման ծառայութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ իրենց անուրանալի ներդրումը ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով իրենց գաղութներու ազգային առողջ ու հպարտ դիմագիծին կերտման։ Իր սերնդակիցներուն նման, Մանուէլ Հալլաճեան յոգնութիւն չէ ճանչցած եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութիւն, ան մնացած է տէրն ու պահապանը միութենական անշեղելի սկզբունքներու եւ ազգային-բարոյական աւանդական արժէքներու։
Մանուէլ Հալլաճեան ծնած է 1929-ին, Հալէպ։ Իբրեւ սկաուտ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1944-ին։ Երկար տարիներ ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչական։ 1958-ին ընտրուած է Սուրիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ 14 տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչութիւնը կատարած է ֆետերասիոնին մօտ։ Ան կարեւոր դեր ունեցած է «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան հողաշերտին գնման եւ Քեսապի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակավայրի կալուածագիրի ապահովման մէջ։
1990-1995 Մանուէլ Հալլաճեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, 1992-էն ետք՝ ատենապետի պաշտօնով։ 1995-2003, երկու շրջան ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։
Միութենական իր երկարատեւ ծառայութիւններուն համար, Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ գնահատուած է «Ծառայութեան» շքանշանով։ 2000-էն ետք ան հաստատուած է Թորոնթօ։
19 Սեպտեմբեր 2007-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Հայաստան, Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով արժանացած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։
92 տարեկան հասակին, Մանուէլ Հալլաճեան իր մահկանացուն կնքեց 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Գանատա։