Սուրիա- Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի Ֆէյսպուքեան էջը կը հաղորդէ, թէ 12 Օգոստոսի կէսօրուան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Մայսալուն շրջանին մէջ, պայթեցուցած են գետնուղի մը, որուն հետեւանքով քաղաքը ուժգին կերպով ցնցուած է: Զինեալները ապա յարձակում գործած են շրջանի պետական հիւանդանոցին վրայ: Սուրիական բանակը ետ մղեց յարձակումը: Նոյն օրը, Հալէպի Համիտիէ շրջանի Համալսարան տանող Մաարրի փոխադրակառքի մը վրայ ինկած հրթիռին պատճառով, վիրաւորուած է տարեց հայորդի մը՝ Կարպիս Հապէշեան: Ըստ աղբիւրին վիրաւորեալը հիւանդանոցն է եւ բարեբախտաբար անոր վիճակը մտահոգիչ չէ: