image

«Նոր Ալիք 2021». Հայաստանը ներկայացնող Սարօ Գէորգեանը յաղթական

«Նոր Ալիք 2021». Հայաստանը ներկայացնող Սարօ Գէորգեանը  յաղթական
Սոչիի մէջ աւարտած է «Նոր Ալիք 2021» մրցոյթը, որու յաղթողը դարձած է Հայաստանը ներկայացնող երգիչ Սարօ Գէորգեանը:
 
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը մրցութային 3 օրերուն ալ աչքի ինկած է բարձր կատարողականութեամբ; Վերջին՝ երրորդ օրը, Սարօ Գէորգեանը առաջին ելոյթով հանդէս եկաւ՝ կատարելով յատուկ իրեն համար գրուած երգը: Երգի հեղինակը Դաւիթ Բադալեանն է:
 
Հայաստանի ներկայացուցիչը, ընդհանուր հաշուարկով, հաւաքած է 267 միաւոր՝ երկրորդ տեղը գրաւած մասնակիցէն առաջ անցնելով 6 միաւորով: