image

«Նիքսընեան ճկունութիւն».Քիսինճըր ճանապարհ ցոյց կու տայ

«Նիքսընեան ճկունութիւն».Քիսինճըր ճանապարհ ցոյց կու տայ

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի ամենամեծ ճգնաժամին՝ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմին, Քիսինճըր նշած է, որ այս տարի աւելի կանուխ՝ պատերազմը դադրեցնելու համար բանակցութիւններու սկզբնական կէտին առնչութեամբ իր մեկնաբանութիւնները, սխալ մեկնաբանուած են։ Քիսինճըր նաեւ նշած է, որ կը կարծէ, թէ կը մօտենայ բանակցութիւններու պահը՝ ան նշած էր, որ Խրիմի ապագան պէտք է ձգել բանակցութիւններուն, այլ ոչ թէ որոշել մինչեւ հակամարտութեան դադարը։

Հարցին, թէ ո՞վ կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուժեղագոյն բանակցողը, Քիսինճըր նշած է տը Կոլին, իսկ ապա աւելցուցած, որ «Նիքսընն ալ բաւական լաւ կ’ըլլար։ Շատ լաւ նախագահ էր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Ան ինքզինք ոչնչացուց տան իր տան մէջ», ըսած է Քիսինճըր։ 

Աշխարհը  այսօր «Նիքսընեան ճկունութիւն» կը պահանջէ՝ օգնելու համար ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ հակամարտութիւնները մեղմելու, Bloomberg-ին յայտարարած է ԱՄՆ նախկին արտաքին նախարար Հենրի Քիսինճըր։

Նախազգուշացնելով, որ Չինաստան պէտք չէ համաշխարհային գերիշխող դառնայ՝ Քիսինճըր նշած է, որ նախագահ Ճօ Պայտըն պէտք է զգուշօրէն ներքին քաղաքականութեանը արտօնէ միջամտել «Չինաստանի մշտականութեան ընկալման կարեւորութեանը»։

«Պայտընի եւ նախորդ վարչակազմերու վրայ չափազանց մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Չինաստանի հետ կապուած կարծիքներու ներքին երեսակները»,- ըսած է 99-ամեայ Քիսինճըր։ «Ի հարկէ, կարեւոր է կանխել Չինաստանի կամ որեւէ այլ երկրի գերիշխանութիւն»։ Բայց «ատիկա այն չէ, որուն կարելի է հասնիլ անվերջ առճակատումներով», աւելցուցած է ան։

Նախկին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն, որուն օրօք կ’աշխատէր Քիսինճըր, 1960-ականներուն քարոզարշաւ մղեց որպէս մոլի հակակոմունիստ, սակայն զարմացուց իր կողմնակիցներէն շատերը՝ որոշելով շփման մէջ մտնել Մաօ Ցէ Թունկի Չինաստանի հետ եւ այցելել Փեքին 1972-ին, որ շրջադարձային պահ դարձաւ երկու երկիրներուն համար։

Գնահատելով այսօրուան եւրոպացի առաջնորդներու գործունէութիւնը՝ ֆրանսացի Էմմանուէլ Մաքրոնէն մինչեւ գերմանացի Օլաֆ Շոլց, Քիսինճըր նշած է, որ հիասթափուած է, որ ներկայիս «Եւրոպական ղեկավարութիւնը չունի ուղղութեան եւ առաքելութեան զգացում», որոնք կային պետութիւններու նախկին ղեկավարներուն մօտ, ինչպէս՝ Ատենաուըրի եւ տը Կոլի։