image

Նեփալի ցոյցերէն ետք. Կառավարութիւնը չեղարկեց ընկերային ցանցերու արգելքը

Նեփալի ցոյցերէն ետք. Կառավարութիւնը չեղարկեց ընկերային ցանցերու արգելքը

Նեփալի կառավարութիւնը չեղեալ համարած է ընկերային ցանցերու արգելքը՝ 19 մարդու մահուան պատճառ դարձած բողոքի ցոյցերէն յետոյ: Ընկերային ցանցերը «այժմ կը գործեն»,- Reuters-ին ըսած է կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեանց նախարար Փրիտհվի Սուպպա Կուրունկ:

Նեփալի վարչապետ Խատկա Փրասատ Շարմա Օլին ափսոսանք յայտնած է բռնութեան համար՝ աւելցնելով, որ այդ «արտաքին ազդեցութեան» արդիւնք է։ Ան նաեւ ըսած է, որ կառավարութիւնը փոխհատուցում պիտի վճարէ զոհերու ընտանիքներուն եւ անվճար բուժում պիտի տրամադրէ վիրաւորներուն։ Անոր խօսքով՝ պիտի ստեղծուի քննչական յանձնաժողով։ 15 օրուան ընթացքին այն ​​պէտք է պարզէ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պատճառները, գնահատէ կորուստները եւ առաջարկէ միջոցներ՝ ապագային նմանատիպ միջադէպերը կանխելու համար։

Սեպտեմբերի սկիզբին Նեփալի մէջ արգիլուած էր քանի մը յայտնի ընկերային ցանցերու եւ առցանց հարթակներու գործունէութիւնը։ Որոշումը կայացուած էր այն պատճառով, որ առցանց միջոցներու սեփականատէրերը սահմանուած ժամկէտին չէին դիմած պաշտօնական գրանցման համար։ 28 օգոստոս 2025-էն ընկերութիւններուն եօթ օր տրուած էր դիմումներ ներկայացնելու համար։ Սակայն խոշոր համաշխարհային հարթակներու շատ սեփականատէրեր անտեսած էին Նեփալի իշխանութիւններու պահանջը։ Արգելքէն յետոյ խոշոր քաղաքները յայտնուեցան զանգուածային բողոքի ցոյցերու մէջ։ 

Բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտին Նեփալի խորհրդարանի շէնքին դիմաց տեղի ունեցած է «Z սերունդի յեղափոխութիւն» բողոքը, որ յանգեցուցած ոստիկանութեան հետ բախումներու, որոնց հետեւանքով զոհուած մօտ երկու տասնեակ մարդ, իսկ մօտ 100-ը վիրաւորուած։