Ղազախստանի նախկին նախագահ, Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի պատուաւոր նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը հնարաւոր կը համարէ Ատրպէյճանը հրաւիրել՝ դառնալու դիտորդ պետութիւն Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ:
«Ի սրտէ կ'ողջունեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատումը բազմամեայ վէճէ յետոյ: Կը կարծեմ, որ մենք բոլորս այդպէս կը մտածենք: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էի, հնարաւոր կը համարեմ բանակցութիւններ վարել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ, որպէսզի վերջինս կարենայ դիտորդ դառնալ», ըսած է Նազարպաեւը Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին: