image
Հրատապ լուրեր:

«ՆԱԹՕ»ն կ՚աշխուժանայ Ասիոյ մէջ. Լաւրով

«ՆԱԹՕ»ն կ՚աշխուժանայ Ասիոյ մէջ. Լաւրով

ՆԱԹՕ-ն Աֆղանիստանէն հեռանալէ ետք կը ձգտի իր ուժերը վերադասաւորել Ասիոյ մէջ եւ աֆղան փախստականներու հոսքերը ուղղել տարածաշրջան: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Ցաւօք, աշխարհաքաղաքական դասաւորուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ չի հեշտանար՝ զսպելով անոր անցումը համապարփակ բազմակողմ համագործակցութեան եւ ներառման համակարգին: Նպատակաուղղուած փորձեր կը տեսնենք «թէժացնելու» իրավիճակը, խարխլելու միջպետական փոխգործակցութեան առկայ մեխանիզմները: Իրենց ներդրումը կ'ունենան նաեւ նեղ ձեւաչափով կառոյցները եւ ռազմական դաշինքները, որոնք կը ստեղծուին «Պաղ պատերազմի» եւ զսպման քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ», ըսած է նախարարը, ելոյթ ունենալով Ասիոյ մէջ վստահութեան միջոցներու եւ փոխգործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու հետ հանդիպման ժամանակ:

«Այս շարքին կարելի է ընդգծել Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ձգտումը Աֆղանիստանէն յետոյ տարածաշրջանի այլ հատուածներու մէջ վերատեղակայուելու, ըլլայ այդ կեդրոնական, հարաւային, թէ հարաւարեւելեան Ասիան», յաւելած է նախարարը: