image

Նաթանիահու Ամման այցելեց

Նաթանիահու Ամման այցելեց

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն չյայտարարուած այցով Յորդանան այցելած է՝ բանակցութիւններ վարելու թագաւոր Ապտալլայի հետ, որ ընդգծած է Իսրայէլի կողմէ Ալ-Աքսա մզկիթի ստատուս քուոն (իրողական վիճակը) յարգելու անհրաժեշտութիւնը։

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան ծայրայեղ աջ նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր այս ամիս զօրացուած հսկողութեան ներքոյ այցելած է Ալ-Աքսա մզկիթի տարածք, որ հրեաները կ'երկրպագեն որպէս Տաճարի լեռ: Այցը վրդովեցուցած է պաղեստինցիները եւ արաբական պետութիւնները: Համալիրը իսլամի երրորդ սրբավայրն է՝ Մեքքայէն եւ Մետինայէն ետք, եւ յուդայականութեան ամենասուրբ վայրը:

Ապտալլա Նեթանիահուին ըսած է, որ Իսրայէլը պէտք է յարգէ «Ալ Աքսա մզկիթի պատմական եւ իրաւական ստատուս քուոն եւ չխախտէ այն»։

Անոր խօսքով՝ բռնութեան դադրեցումը վճռական նշանակութիւն ունի վաղուց փակուղի մտած պաղեստինա-իսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւնները վերսկսելու համար:

Նեթանիահուի գրասենեակէն յայտնած են, որ երկու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր, յատկապէս Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը, անվտանգութեան եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը:

Նեթանիահուի իշխանութեան վերադարձը մեծցուցած է Յորդանանի մտավախութիւնը առ այն, որ ծայրայեղ աջ քաղաքականութիւնը, ներառեալ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի պաղեստինեան տարածքներուն մէջ հրէական բնակավայրերի արագացուած կառուցումը, բռնութեան նոր ալիք կ'առաջացնէ: