Օրերս Երեւանի մէջ Սուրբ Պսակի խորհուրդին արժանացած են արմատներով Լիբանանահայ ՝ Նարինէ Փօլատեան եւ հայրենահայ մեր հայրենակից Ժորա Աբգարեանը։
Նարինէ, որ վերջին տարիներուն փոխադրուած է հայրենիք որոշած է իր կեանքը շարունակել Ժորային հետ եւ միասին հիմնել հայկական աւանդական արժէքներով գոյացող ջերմ բոյն մը։
Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ «Արեւելք» կը գրէ մեզմէ շատերուն ծանօթ Նարինէին մասին, որ իւրայատուկ է խաչքար կերտելու իր ունակութիւններով եւ որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ այդ արուեստին նուիրելու իր որոշումով։
Նարինէի եւ Ժորայի ընտանեկան բոյն կազմելու որոշումը կը կարեւորուի նաեւ անով, որ այս օրերու ոչ այդքան խանդավառ մթնոլորտին մէջ անոնք որոշած են իրենց կեանը շարունակել հայրենի եզերքին վրայ։
Հազար շնորհաւորութիւններ երիտասարդ զոյգին։