image

Բանակցութիւնները կը շարունակուին. Զելենսքի

Բանակցութիւնները կը շարունակուին. Զելենսքի

Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլ մը տեղի ունեցած է։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Այսօր աշխատանքային խումբի մակարդակով տեղի ունեցած է բանակցութիւններու նոր փուլ, որուն մասնակցած են Ուքրանիան, ԱՄՆ-ն եւ անոր եւրոպացի գործընկերները։

Դիւանագիտական գործընթացը աշխուժօրէն կը շարունակուի, եւ յոյս ունինք, որ ապարդիւն պիտի չըլլայ։ Մեր խումբը կ՚աշխատի հնարաւորինս կառուցողական ձեւով։ Մեզի անհրաժեշտ է պատերազմի արժանապատիւ աւարտ եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ։

Ամերիկեան խումբը նոյնպէս աշխուժօրէն կը մասնակցի. Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ այսօր առցանց միացած են բանակցութիւններուն։

Առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպան այդքան ամբողջական կազմով ներկայացուած էր այն կողմին մէջ, որ պիտի մասնակցի Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն։ Անոնց շարքին էին Ֆրանսան, Գերմանիան, Մեծն Բրիտանիան, Իտալիան, Լեհաստանը, ԵՄ-ի ներկայացուցիչները՝ Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը։

Զրոյցը դժուար էր, սակայն արդիւնքը յստակ է։ Պերլինի մէջ՝ «Կամքի դաշինք»ի շրջածիրէն ներս, պիտի հանդիպինք եւ պիտի մշակենք բանակցային գործընթացին վերաբերող գործնական ու համատեղ քայլեր», նշած է ան։