image

Նախարար Պապիկեան պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներու ժողովին

Նախարար Պապիկեան պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներու ժողովին

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան չէ մեկնած Մինսք՝ ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Այս մասին ըսած է՝ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեան՝ նշելով, որ Պապիկեան կը մասնակցի 25 մայիսի կառավարութեան նիստին։

Պապիկեանի փոխարէն Պելառուսի մայրաքաղաք մեկնած է կազմակերպութեան միացեալ շտապի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արտակ Տոնոյեան։

Յիշեցնենք, որ նիստին պիտի մասնակցին ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով եւ ՀԱՊԿ միացեալ շտապի պետ Անաթոլի Սիտորով։

Նիստի մասնակիցները պիտի քննարկեն ռազմական անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու հաւաքական անվտանգութեան տարածաշրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի կատարելագործման հարցերը: