image

Նախարար Պապիկեան դրուատիքով խօսեցաւ բանակին մասին

Նախարար Պապիկեան դրուատիքով խօսեցաւ բանակին մասին

Ակնյայտ է, որ այն ամէնը, որ կը կատարուի թէ՛ տեղեկատուական դաշտին մէջ, թէ՛ ատոր յաջորդող՝ իրական հողի վրայ, իրավիճակը սրելու կամ ցոյց տալու համար է, թէ հայկական կողմն ունի ապակառուցողական դիրքաւորում եւ մշտապէս կը խախտէ հրադադարի ռեժիմը։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս, ի պատասխան «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի հարցին, ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

Պապիկան 15 յունիսի ատրպէյճանական զինուորականներու կողմէ Հայաստանի տարածքին մէջ դրօշ տեղադրելու փորձը պայմանաւորեց ՀՀ պետական խորհրդանիշներու օրով։

«Իրենք փորձել են այս ձեւով եւս մէկ անգամ ի ցոյց դնել իրենց սադրիչ էութիւնը։ Բայց ի պատիւ մեր սահմանապահների գործողութիւնների՝ նրանց նպատակը չի իրականացուել։ Ցաւօք, դիպուկահարի կողմից կայ մէկ վիրաւոր, իրենք նոյնպէս յայտնել են վիրաւորի մասին»,-ըսած է Պապիկեան։