image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Պապիկեան այցելած է բանակի երկրորդ ջոկատի կեդրոններ

Նախարար Պապիկեան այցելած է բանակի երկրորդ ջոկատի կեդրոններ

21 յունուարին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ, այցելած է 2-րդ բանակային զօրամիաւորում: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնէն:

19 յունուարին հրդեհի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու յիշատակը մէկ րոպէ լռութեամբ յարգելէն, ծառայակից ընկերներուն, հարազատներուն եւ ընտանիքի անդամներուն կորստեան ծանր վիշտը կիսելու, ցաւակցութեան խօսք յղելէն յետոյ, պաշտպանութեան նախարարը բանակային զօրամիաւորման հրամանատարական կազմին ներկայացուցած է զօրամիաւորման նորանշանակ հրամանատար, գնդապետ Գարեգին Պօղոսեանը:

Այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարարն այցելած է ճարտարա-սակրաւորային վաշտի կացարանը բռնկած հրդեհի՝ ողբերգական դէպքի վայրը: ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան պետ, զօրավար-մայոր Աշոտ Զաքարեանը պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած է դէպքի առնչութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ նախաձեռնուած վարոյթի ընթացքին բոլոր հարցերը եւ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պիտի պարզուին: Պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարած է խիստ ուշադրութեան կեդրոն պահել հրդեհային անվտանգութեան պահպանման կանոնները՝ նմանօրինակ դէպքերն ի սպառ բացառելու համար։

Սուրէն Պապիկեան այցելած է նաեւ նմանատիպ զօրանոցներու կառուցման շինարարական հրապարակները, տուած համապատասխան յանձնարարականներ՝ զօրանոցներու կառուցման աշխատանքները պատշաճ եւ նախանշուած ժամկէտներուն իրականացնելու վերաբերեալ: