image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի այցը՝ Ֆրեզնոյի համալսարան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի այցը՝ Ֆրեզնոյի համալսարան

Արարողութեան աւարտին խօսք առնելով Նորին Սուրբ Օծութիւնը՝ ողջունեց յուշարձանի ծրագիրին իրագործումը՝ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ համալսարանի հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէնին գործակցութեամբ. ան ըսաւ՝ «կրնայ ըլլալ, որ պետութիւններ զանազան հաշիւներէ մղուած “ցեղասպանութիւն” բառը չգործածեն, ինչ որ 1915-ին Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ: Սակայն, մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւն էր միջազգային օրէնքին համաձայն: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրօրէն արմատացած է: Հայ ազգը կը պահանջէ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում»:

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ֆրեզնոյի համալսարանը, Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2025-ին։ Հոն ընդունուեցաւ համալսարանի հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ անոր գործակիցներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը նախ ուղղուեցաւ համալսարանի շրջափակին մէջ բարձրացած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան, ուր իր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Բարեխօսական Կարգ: Աղօթքի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին իր շքախումբը, նաեւ համալսարանի պատասխանատուները, հայ ուսանողները եւ Ֆրեզնոյի եկեղեցւոյ հոգաբարձուներն ու երեսփոխանները:

Արարողութեան աւարտին խօսք առնելով Նորին Սուրբ Օծութիւնը՝ ողջունեց յուշարձանի ծրագիրին իրագործումը՝ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ համալսարանի հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէնին գործակցութեամբ. ան ըսաւ՝ «կրնայ ըլլալ, որ պետութիւններ զանազան հաշիւներէ մղուած “ցեղասպանութիւն” բառը չգործածեն, ինչ որ 1915-ին Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ: Սակայն, մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւն էր միջազգային օրէնքին համաձայն: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրօրէն արմատացած է: Հայ ազգը կը պահանջէ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում»:

Ապա, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Յաջորդաբար խօսք առին համալսարանի փոխ նախագահը (նախագահին երկիրէն դուրս գտնուելուն պատճառով), հայագիտական ուսմանց բաժինի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ քանի մը դասախօսներ: Անոնք անդրադարձան Նորին Սրբութեան կատարած իրագործումներուն, յատկապէս մշակութային ու բանասիրական մարզերէն ներս:

Ապա Հայրապետը արտասանեց իր խօսքը, ուր շեշտեց համալսարանական ուսման կարեւորութիւնը եւ ուսումը ծառայութեան ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ արժեւորելու հրամայականը: Ան խոստացաւ Կաթողիկոսարանի բոլոր հրատարակութիւններէն ուղարկել համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ առաջարկեց գործակցութիւն ստեղծել բաժանմունքին ու Կաթողիկոսարանի Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Կեդրոնին միջեւ:

Աւարտին, փոխ նախագահը պարգեւատրեց Նորին Սրբութիւնը համալսարանի բարձրագոյն շքանշանով, որ բացառաբար կը տրուի միջազգային վարկ վայելող անձնաւորութեանց:

Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի համալսարանը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարաններու ընդհանուր ցանցին: