image

Մուրճը յանուն երկրի շէնացման. Քոչարեան

Մուրճը յանուն երկրի շէնացման. Քոչարեան

 

Մենք մուրճ պիտի վերցնենք ոչ թէ մարդոց գլուխները ջարդելու, այլ երկիրը շէնացնելու համար: Այս մասին 15 Յունիսին Վետիի մէջ ընտրողներու եւ իր աջակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեանը՝ մեկնաբանելով վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի վերջին սպառնալիքները, որ աւելի վաղ մուրճը ձեռքը ելոյթ ունեցած է ամպիոնէն:

 

Քոչարեանի խօսքով՝ երբ մարդը թոյլ բռունցք ունի, մուրճ կը վերցնէ: «Բռունցքիս հետ ամէն ինչ կարգին է», - ըսած է ան` ցոյց տալով իր սեղմած բռունցքը: