image

Մոսկուայի հետ բանակցիլը առաջնահերթութիւն է ՆԱԹՕ-ի համար

Մոսկուայի հետ բանակցիլը առաջնահերթութիւն է ՆԱԹՕ-ի համար

Մեծն Բրիտանիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի շարք մը այլ առաջատար երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են, որ Ուքրանիա ներխուժելու պարագային Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու աննախադէպ փաթեթ պէտք է կիրառուի: Այս մասին կ'ըսուի Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ` ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարութեան հետ առցանց հանդիպման արդիւնքներով:

Միեւնոյն ժամանակ, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ պետութիւններու ղեկավարները համակարծիք եղած են, որ Ուքրանիոյ հարցի լուծման շուրջ Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական ճանապարհը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը ստեղծուած իրավիճակէն ելք գտնելու համար:

«Առաջնորդները ընդգծեցին, որ Ռուսաստանի հետ դիւանագիտական բանակցութիւնները կը մնան առաջնահերթութիւն, եւ ողջունեցին բանակցութիւնները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու միջեւ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քըրպին ճեպազրույցի ընթացքին յայտնած է, որ ԱՄՆ 8,5 հազար զինուորականներ բերած է մարտական պատրաստութեան` շատ կարճ ժամկէտի մէջ Եւրոպայի մէջ տեղակայելու համար, եթէ ՆԱԹՕ-ն որոշէ պատրաստութեան բերել արագ արձագանգման ուժերը: Քըրպին նաեւ ըսած է, որ ԱՄՆ դեռ չի ծրագրեր ետ կանչել Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած իր ռազմական խորհրդականներն ու մարզիչները: