image

Մոսկուան ճիգեր կը գործադրէ Ասատ-Էրտողան հանդիպման կայացման համար

Մոսկուան ճիգեր կը գործադրէ  Ասատ-Էրտողան հանդիպման  կայացման համար

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւ յայտարարած է, որ Մոսկուան կ'աշխատի Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպման կազմակերպման ուղղութեամբ։ Այս մասին ան ըսած է Al Arabiya հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

Նոյեմբեր 20-ին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր Սուրիոյ տարածքին «Ճանկ-սուր» գործողութեան մեկնարկի մասին։ Անգարան կը կարծէ, որ Սուրիոյ մէջ Քիւրտստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը ներգրաւուած եղած է Իսթանպուլի կեդրոնին մէջ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան։

«Թուրքիան պէտք է հաշուի առնէ այդ (Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ բանակցութիւններու հնարաւորութիւնը): Մենք կը կարծենք, որ նման հանդիպումը ընդհանուր առմամբ դրական եւ օգտակար կ'ըլլայ, եւ մենք կ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ», -ըսած է Լաւրենթեւ։

Աւելի վաղ Էրտողան չէր բացառած, որ կրնայ հանդիպիլ իր սուրիացի գործընկեր Պաշշար Ասատի հետ՝ հակառակ Սուրիոյ մէջ Անգարայի ռազմական գործողութեան։