image

Մոսկուան պատրաստ է Թեհրանը դիտարկելու որպէս միջնորդ. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Մոսկուան պատրաստ է Թեհրանը դիտարկելու որպէս միջնորդ. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Մոսկուան պատրաստ է Թեհրանը դիտարկելու որպէս միջնորդ Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի կարգաւորման հարցով, եթէ Իրանը շահագրգռուած ըլլայ, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն։

Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտն այս մասին ըսած է «Վալտայ» քննարկման ակումբի նիստին ելոյթի ժամանակ, գրած է mehrnews.com-ը։

«Առայժմ մենք նման ազդանշաններ չենք ստացած մեր իրանցի ընկերներէն, բայց եթէ Իրանը շահագրգռուածութիւն ցուցաբերէ միանալու միջնորդական ջանքերուն, որոնք ներկայիս կը ձեռնարկէ մօտ երկու տասնեակ երկիր, մենք պատրաստ ենք այդ հարցը դիտարկելու»,-ըսած է ան: