Մօտ ապագային Մոլտովիան պիտի վերանայի Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու ցանկը, որուն եւ կրնայ միանալ։ Այս մասին, NewsMaker-ի հաղորդմամբ, 3 մարտին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց եւ եւրոպական համարկման նախարար Նիքու Փոփեսքու։
Ան աւելցուցած է, որ որոշում պիտի կայացուի հնարաւորինս շուտ՝ բացատրելով, սակայն, որ Մոլտովիան անմիջապէս պիտի չմիանայ որոշակի սահմանափակող միջոցներուն։
«Այժմ մենք կը վերագնահատենք նախապէս ընդունուած շարք մը որոշումներ եւ մօտ ապագային կը ներկայացնենք նորերը։ Պատժամիջոցներու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը բացարձակապէս պարզ է։ Պատժամիջոցներուն միանալու աստիճանը զգալիօրէն կը բարձրանայ», - ընդգծած է Մոլտովիոյ նախարարը։