image

Միրզոյեան հանդիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ

Միրզոյեան հանդիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ

Հայաստանի արտաքին գործոզ նախարար Արարատ Միրզոյեան, 23 յունուարին, հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային ավտանգութեան հարցերու շուրջ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ատրպէյճանական իշխանութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութեան հետեւանքները: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է միջազգային հանրութեան յստակ գործողութիւններու կարեւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի անմարդկային պաշարումը վերացնելու եւ Ատրպէյճանը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու նպատակով:

Արարատ Միրզոյեանը Ենս Սթոլթենպերկին նաեւ ներկայացուցած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ՀՀ-ՆԱԹՕ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին առնչութեամբ, անդրադարձ կատարած են համագործակցութեան ներկայ ծրագիրներուն եւ ապագայ հեռանկարներուն: