image

Վերադարձի ակնկալիքն իրատեսական չէ. Փաշինեանը՝ ՀԱՊԿ-ի մասին

Վերադարձի ակնկալիքն իրատեսական չէ. Փաշինեանը՝ ՀԱՊԿ-ի մասին

ՀԱՊԿ-ի մասով անընդհատ ետ նայելու ռեժիմին մէջ պէտք չէ ըլլանք եւ վերադարձ դէպի այդ կառոյց ակնկալելն իրատեսական չէ։ Այդ մասին ՀՀ կառավարութեան նիստէն ետք` ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով հարցին՝ արդեօք Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման այլ քննարկումներ եղած են ՀԱՊԿ-ի մասով, եւ արդեօք հայկական կողմի մօտ կա՞յ փոփոխութիւն ՀԱՊԿ–ին անդամակցելու կամ դուրս գալու մասով։ 

«Շատ լաւ. եղել է 2021 թուական, 2022 թուական, սակայն մենք անընդհատ չպէտք է այդ կէտի վրայ մնանք։ Մեր յարաբերութիւնները մեծ օրակարգ, մեծ պոտենցիալ ունեն, եւ մենք պէտք է առաջ նայենք, քանի որ, այո, ամէն մէկն ունի իր ճշմարտութիւնն այդ հարցերի վերաբերեալ։ Մենք չպէտք է անընդհատ այդ նոյն կէտի վրայ սկսենք քննարկել, ծանրութեթեւ անել։ Ի հարկէ, դրա անհրաժեշտութիւնը կար, սակայն կարծում եմ` բաւարար չափով ծանրութեթեւ արել ենք եւ եկել ենք որոոշակի եզրակացութիւնների, յարգանքի մթնոլորտում կիսել ենք այդ եզրակացութիւնները իրար հետ»,– նշած է վարչապետը։

Ան աւելացուցած է, որ Փութինի հետ ՀԱՊԿ–ի վերաբերեալ շարունակած են քննարկումները, սակայն ՀՀ վարչապետի եզրակացութիւնն ու առաջարկը սա եղած է՝ եթէ հնարաւոր ըլլայ, բաւարար չափով քննարկուած համարել այս թեման եւ անցնիլ օրակարգի միւս հարցերու քննարկման, այսինքն` անընդհատ ետ նայելու այդ ռեժիմին մէջ չըլլալ։

Յիշեցնենք` 2024 թուականի փետրուարին յայտնի դարձաւ, որ Երեւանը սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ–ին: