ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան Զուարթնոց բաժնի եւ Արեւմտեան մաքսատուն-վարչութեան ուղեւորներու մաքսային հսկողութեան բաժնի աշխատակիցները մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն ՀՀ օդային սահմանով սահմանուած կարգի խախտմամբ տեղափոխուող կանխիկ դրամական միջոցներու տեղափոխման դէպքերը։ Համատեղ բացայայտուած է ՀՀ պետական սահմանով առանձնապէս խոշոր չափի գումարի մաքսանենգութեան դէպք:
ՊԵԿ-էն յայտնած են, որ սոյն թուականի դեկտեմբեր 14-ին Պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան Զուարթնոց բաժնի եւ Արեւմտեան մաքսատուն վարչութեան աշխատակիցները համատեղ, մաքսային հսկողութեան «կանաչ ուղի»ի գիծը հատելէ ետք, իրենց լիազօրութիւններն իրականացնելու ժամանակ «Զուարթնոց» օդակայանի ուղեւորային համալիրի մաքսային հսկողութեան գօտիին մէջ զննման ենթարկած են Միլան-Երեւան թռիչքով ժամանած ՀՀ եւ ՌԴ քաղաքացի Վ․Ա․-ին պատկանող ուղեբեռը։ Իրականացուած մաքսային հսկողութեան շնորհիւ, բացի անձնական օգտագործման ապրանքներէն, յայտնաբերուած է չյայտարարագրուած մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար գումար, որմէ 1000 հատը 50 ԱՄՆ տոլար անուանական արժէքով թղթադրամներ եղած են, 9500 հատը`100 ԱՄՆ տոլար անուանական արժէքով թղթադրամներ։
Փաստի առթիւ, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 291-րդ յօդուածի յատկանիշներով, կազմուած է մաքսանենգութեան դէպքի վերաբերեալ արձանագրութիւն եւ նիւթերու հետ միասին տրամադրուած է ՀՀ քննչական կոմիտէ։