image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային քրէական դատարանը 7 օրէն Արցախի մասին զեկոյց պիտի կազմէ. Մեղադրանք պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին

Միջազգային քրէական դատարանը 7 օրէն  Արցախի մասին զեկոյց պիտի կազմէ.  Մեղադրանք պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին

Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորեն Օքամփոն յայտնած է, որ Արցախի նախագահի խնդրանքով 7 օրէն զեկոյց պիտի կազմէ Արցախի մէջ հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ան այս մասին յայտնած է իր թուիթըրեան էջին:

«Արցախի նախագահը հարցուցած է՝ ատրպէյճանական շրջափակումը նոր ցեղասպանութի՞ւն է հայերու դէմ։ Ինծի համար պատիւ է օգնելը», - գրած է Օքամփոն:

Ան նաեւ հռետորական հարց հնչեցուցած է, թէ արդեօք Ատրպէյճանի նախագահն այսօր ցեղասպանութի՞ւն կ'իրականացնէ: