Նշենք, որ քրիստոնէական եկեղեցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով կայացուած այս ժողովին գումարուած են տարբեր նիստեր, որոնց իւրաքանչիրի պարագային քննարկման դրուած են աստուածաբանական թեմաներ։ Նիստերէն մէկը նուիրուած եղած է Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր եւ այդ նիստի ընթացքին խօսքով հանդէս եկած է Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան, որ ներկայացուցած է «Սուրբ Կոյս Մարիամը Հայ եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ» նիւթը։
Օրերս Եգիպտոսի մէջ կայացած է միջ-դաւանական երկխօսութեան կարեւոր ժողով մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Այս մասին կը տեղեկանանք միջ-դաւանական ժողովին մասնակցութիւն բերած հայկական պատուիրակութեան գրասենակէն։
Կը նշուի, որ Ուղղափառ (Արեւելեան Ուղղափառ)-Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան թեմայով կայացած ժողովը 19-րդն է եւ այն հիւրընկալուած է Եգիպտոսի Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ եւ նիստերուն նախագահած է Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Թեմի Առաջնորդ Քիրիլլոս եպիսկոպոսը։
Կը փոխանցուի նաեւ, որ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Անտիոքի Ասորի եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Եթովպիոյ եւ Արիթրիոյ եկեղեցիները։
Նշենք, որ քրիստոնէական եկեղեցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով կայացուած այս ժողովին գումարուած են տարբեր նիստեր, որոնց իւրաքանչիրի պարագային քննարկման դրուած են աստուածաբանական թեմաներ։ Նիստերէն մէկը նուիրուած եղած է Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր եւ այդ նիստի ընթացքին խօսքով հանդէս եկած է Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան, որ ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ (արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ եւ Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչ) Հոգշ. Տ. Շահէ ծ. վրդ. Անանեանի կողմէ այս ժողովին համար պատրաստուած «Սուրբ Կոյս Մարիամը Հայ եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ» նիւթը (Հայր Սուրբը բանաւոր պատճառներով չէ ներկայացած սոյն ժողովին, ու այդ պատճառով ալ նիւթը ներկայացուցած է Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանը։)
Աւարտին յայտնենք, որ քննարկման նիստերէն բացի միաբան հայրերը ունեցած են կողմնակի հանդիպումներ եւ մասնաւորապէս ընդունուած Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ Թէոտորոս Պապին կողմէ։
Յայտնենք, որ սոյն ժողովին, որպէս հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներ ՝Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբաններէն, Թրքահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեանը, Հայ Կաթողիկէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Հ. Պետրոս արք. Միրիաթեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եգիպտոսի եւ Սուտանի Թեմերու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանը։
Ժողովին մասնակից հայրերը իրենց գոհունակութիւնը արտայայտած են սոյն կարեւոր հանդիպման յաջողութեան առընթեր ու նաեւ հրապարակած են եղած աշխատանքներուն վերաբերեալ մանրամասն հաղորդագրութիւն մը։
Լուրը քաղեց եւ պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։