image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (9)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (9)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (9)

 

«Ազդակ»

***Մէ՛կ հասկացութիւն, երե՛ք կէտադրութիւն

---Որքա՜ն կարօտ ունինք քեզի հայոց բանակ (28/1/2025, էջ 3):

---Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ (անդ):

---Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց բանակ (անդ)

***Լիբանան ամբողջական կերպով յարգեց համաձայնութիւնը, իսկ Իսրայէլեան կողմը կը խուսափի իր խոստումները յարգել (անդ, էջ 8): 

---Լիբանան ամբողջովին յարգեց համաձայնութիւնը, իսկ իսրայէլեան 

կողմը կը խուսափի իր խոստումները յարգելէ:

***Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրեն, որ ան գործադղրէ միջազգային որոշումները (27/1/2025, էջ 8): 

---Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն, որ ան գործադրէ միջազգային...:

***Պասիլ իր աջակցութիւնը յայտնեց բնակիչներուն՝ յայտնեով, որ անոնք հերոսներ են (անդ): 

---Պասիլ իր աջակցութիւնը յայտնեց բնակիչներուն՝ յայտարարելով, որ 

անոնք հերոսներ են:

***Հողին տէրերուն երաշխաիքը բոլոր պետութիւններու  երաշխիքէն  աւելի զօրաւոր է (անդ): 

---Հողին տէրերուն երաշխաիքը  բոլոր պետութիւններու   տուածէն  աւելի 

զօրաւոր է:

***Ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ պատմութեան պատգամ է եւ մարդասիրական պատգամ մը հայրենիքին ու հողին (անդ):

---Ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ մարդասիրական պատմական պատգամ մըն է հայրենիքին ու հողին: 

 

«Արարատ»

***Շուտով պիտի պարզուի երեք ոճիրներուն բոլոր մանրամասնութիւնները (25/1/էջ 1):

---պիտի   պարզուին մանրամասնութիւնները:

***Կը համակրէր արաբ զանգուածներուն, որ նոյնպէս զոհն էր մեծերու գձուձ հաշիւներուն (անդ, էջ 2): 

---Կը համակրէր արաբ զանգուածներուն, որոնք նոյնպէս զոհն էին ...:   

***Հոն արձանագրուած են համագործակցութեան լայն շրջագիծ մը (անդ):

---Հոն արձանագրուած է համագործակցոթեան լայն շրջագիծ մը:

***Կիրակի օր  կը սպառի զինադադարի   համաձայնութեան 60 օրերը (անդ):

---Կիրակի օր կը սպառին զինադադարի համաձայնութեան 60 օրերը:

***Հնարաւորութիւն կու տայ  այդ մարդկանց  ինչ-որ ձեւով հետ բերելու:

---Հնարաւորութիւն կու տայ այդ մարդիկը ինչ-որ ձեւով յետ բերելու:

***Չեմ գիտեր, եթէ անհրաժեշտ է ծախսել ՆԱԹՕ-ի վրայ (25/1/25, էջ 1):

---Չեմ գիտեր, թէ անհրաժեշտ է ծախսել...

***Գրգռեց բռնատիրութեան մականը, որ զինք աքսորեցին Արուատ  կղզի(անդ, էջ 2):

---Գրգռեց բռնատիրութեան մականը, որ  զինք աքսորեց Արուատ  կղզի:

***Դադրած  է երաշխաւորուած ըլլալ Մոսկուայի կողմէ (անդ, էջ 3):

---Դադրած է երաշխաւորուած ըլլալէ Մոսկուայի կողմէ: 

 

«Պայքար»

***Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է Աստուած (թիւ 409):

---Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ:

***Այս հրդեհները... ամենամեծ աղէտն է (անդ):

---Այս հրդեհները ամենամեծ աղէտն են:

***Միջին Արեւելեան (անդ):

---Միջինարեւելեան

*** Թրքական յարձակումներու շնորհիւ պարպուեցաւ Հալէպը (անդ):

---Թրքական յարձակումներու հետեանքով պարպուեցաւ Հալէպը:

*** Հալէպցիներէն խումբ մը Հայաստան հաստատուեցան (անդ):

---Հալէպցիներէն խումբ մը Հայաստան հաստատուեցաւ:

***Որո՞ւն կը փնտռես (անդ, էջ 7):

---Զո՞վ կը փնտռես:

***Երկխօսութեան վերականգնումը, մեր  միակ ուղին է (թիւ 408):

---Երկխօսութեան վերականգնումը մեր միակ ուղին է:

 

«Ակօս»

***Թրքահայ համայնքը  համայնքային գործիչնրու ձեռամբ կ’առաջադրուին (թիւ 1482):

---Թրքահայ համայնքը  ազգային  գործիչնրու ձեռամբ կ’առաջադրուի:

*** Անքարան Թորոս Ալճանը չուզէր:

Անքարան ինչո՞ւ  Թորոս Ալճանը չուզէր:

---Անքարան... չ’ուզեր:

*** Իր հաշւոյն վրայ (անդ):

---Իր հաշուոյն վրայ:

*** Մէյմնալ... (անդ)

---Մէյ մըն ալ... 

Մրցոյթ 8.

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Կ’ուղարկեն ուսուցիչներ դասաւանդման համար յատկապէս այն առարկաներուն, որոնք ի սկզբանէ վստահուած են ծագումով թուրք ուսուցիչներու։

***Ջնջէ՛ հետեւեալին աւելորդաբանութիւնները.

---Նախարարը իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ յառաջիկայ փուլի առաջնահերթութիւնները:

***Հետեւեալներուն մէջ  միայն մէկական բառ փոփոխութեան կը կարօտի.

---Վարչապետը թելադրեց զերծ մնալ պառակտումէ, այլ եւ դրական տրա-մադրութեամբ լծուիլ հայրենիքի վերակառուցումին:

---Իր հոգածութեան յանձնուած հայ մանուկներուն հոգեւոր աճումը իրեն կեանքի  առաքելութիւնը դարձուց:

---Առաջնորդ սրբազանը կը զօրակցի հրդեհներէն վնասներ կրած անձերուն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Վարդի Դանիէլեան (2), Գեղամ Խաչատրեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (6), Համբարձում Յարթունեան (1), Մարք Շիրին (5), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (10) Եփրեմ Թոքճեան (8), :

 

Մրցոյթ 9. 

***Դուն ինչպէ՞ս պիտի  նախընտրէիր ըսել հետեւեալը.

---Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է շարք մը հրթիռներով («Ազդակ», 14/1/2025, էջ 2):

***Գտի՛ր ու սրբագրէ՛ հետեւեալին սխալը.

---Ոչ միայն հայերը, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կը տառապի տհասու-թենէ ու անմտութենէ:

***Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը աւելի հաճելի կը հնչէ. 

---Այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի նշանակեալ վարչապետին:

---Այդ իրաւասութիւնը նշանակեալ վարչապետին կը պատկանի:

***Բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի. 

---Ցուցարարները պահանջեցին ապահովել հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը եւ  պարզել անհետ կորսուած անձերուն ճակատագիրները:

***Հետեւեալին մէջ ո՞ւր կը դնես  նաեւ շաղկապը.

---Անոնք քննեցին գերիներու հարցը, կատարեցին կարգ մը նկատողութիւններ, պահանջեցին  արդար դատավարութեան մը կայացումը: 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com