image

Մեծն Եօթնեակը դէմ է Ուքրանիոյ սահմաններու որեւէ փոփոխութեան

Մեծն Եօթնեակը  դէմ է  Ուքրանիոյ  սահմաններու  որեւէ փոփոխութեան

Մեծն Եօթնեակի (G7) երկիրները՝  Մեծն Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան, Գանատան, ԱՄՆ-ը, Ֆրանսան ու Ճափոնը յայտարարած են, որ չեն ընդունիր Ուքրանիոյ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Այս մասին ըսուած է G7-ի յայտարարութեան մէջ:

G7-ի երկիրներու Արտաքին Գործոց նախարարները յայտնած են, որ պիտի շարունակեն մատակարարել զէնք Ուքրանիոյ «այնքան ժամանակ, քանի դեռ անհրաժեշտ է»: