Սոյն թուականի Նոյեմբեր 24-էն 25 Ֆլորենսայի համալսարանի SAGAS (Պատմութիւն, հնագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, արուեստ եւ թատրոն) բաժինի մէջ կայացաւ միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Թ․–ԺԴ․դարերու հայ եւ վրացի առաքինի կանանց։ Միջոցառումը միաւորեց Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն, Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, Թուրքիայէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած ճանչցուած գիտնականները։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ֆլորենսայի համալսարանի բիւզանդագիտութեան փրոֆէսոր եւ «Armenia Entangled» (ArmEn) եւրոպական հետազօտական ծրագիրի ղեկավար Զարա Պօղոսեանի, ինչպէս նաեւ նոյն ծրագիրի անդամ, պատմաբան եւ ձեռագրագէտ Գոհար Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ։
Գիտաժողովին ուսումնասիրուեցաւ հայ եւ վրացի կանանց դերը՝ որպէս եկեղեցիներու, վանական կեդրոններու, կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու հովանաւորներ։
Բացման խօսքով ներկաներուն դիմեց SAGAS բաժինի տնօրէն, փրոֆէսոր Ֆուլվիոյ Չերուինին։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Ան ընդգծեց հայ եւ վրացի կանանց մեծարժէք դերակատարութեան պատմագիտական ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ միջազգային այսպիսի հեղինակաւոր մասնագիտական հանրոյթ համախմբելու համար։
Սրբազան Հայրը՝ յղում կատարելով Սուրբ Գիրքին եւ պատմութեան, ընդգծեց, որ Նոր Կտակարանի մէջ կանայք երկրորդական կերպարներ չեն, այլ փրկագործութեան իրական դերակատարներ։ Ան յիշեցուց, որ Թ․–ԺԴ․ դարերուն հայ եւ վրացի թագուհիներն ու իշխանուհիները մեծապէս աջակցած եւ նպաստած են եկեղեցիներու ու վանքերու կառուցման, կրթական հաստատութիւններու հիմնադրմանը եւ արուեստի գործերու ստեղծման։ Սրբազանի համաձայն, այդ կանայք ոչ միայն այդ գործընթացներուն աջակիցներ եղած են, այլեւ՝ գործունեայ կին առաջնորդներ, որոնց նուիրուածութիւնն ու խորաթափանցութիւնը հասարակութիւններ ձեւաւորած են։
Սրբազանը ցաւով նաեւ նշեց, որ այս կանանց ժառանգութիւնը մինչ օրս յաճախ թերագնահատուած կամ խեղաթիւրուած է աւանդական պատմագրութեան եւ ժամանակակից հանրային խօսոյթի մէջ։ Այս համատեքստին մէջ ան կարեւորեց նման միջազգային գիտաժողովները՝ «երեւան բերելու մոռացուած էջերը» եւ «ձայն տալու այն կանանց, որոնք դարեր շարունակ մնացած են ստուերուն մէջ»։
Գիտաժողովը շարունակուեցաւ մասնագիտական զեկոյցներով եւ քննարկումներով, որոնք ուղղուած էին հայ եւ վրացի քրիստոնէական իրականութեան պատմամշակութային զարգացման մէջ կանանց որոշիչ դերի խորքային ուսումնասիրութեան։
Գիտաժողովի ամբողջական ծրագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ //www.armen.unifi.it/p86.html


.jpeg)