image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ գումարներ Սուրիոյ տապալման համար եւ ...մեծ ձախողութիւն. Ի՞նչ էր Պանտար Պըն Սուլթանի «երազ»ը

 Մեծ գումարներ Սուրիոյ տապալման համար եւ ...մեծ ձախողութիւն. Ի՞նչ էր Պանտար Պըն Սուլթանի «երազ»ը

Երկար  ժամանակով Սէուտական Արաբիոյ  գաղտնի  ծառայութեանց   պատասխանատու  դէմք հանդիսացող Պանտար Պըն Սուլթան 2000 միլիառ տոլար ուզած է սուրիական իշխանութիւնը տապալելու համար:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ UEPA կայքէն:

Վերջերս Քաթարի նախկին վարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար՝ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Սանի բացայայտած է նորութիւններ Սուրիոյ պատերազմի սկզբնական շրջանին մասին,  անդրադառնալով  գործողութիւններու «սենեակներ»ուն մասին, որոնք կը ղեկավարէին պատերազմը, եւ կը ներառէին արաբական քանի մը երկիրներէ եւ Ամերիկայէն ներկայացուցիչներ:

Աղբիւրը վկայակոչած է քուէյթեան «Ալ-Քապս» թերթի կողմէ հրապարակուած կարճ տեսաերիզը, ուր Համատ Պըն Ժասէմ ըսած է, որ «գործողութիւններու սենեակներ»ը կ'ընդգրկէին Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն, Թուրքիայէն եւ Յորդանանէն ներկայացուցիչներ, նաեւ ամերիկացիներ, եւ որ ամէն ինչ կ'ընթանար այս յանձնախումբի միջոցով, իսկ նպատակը  սուրիական կառավարութեան տապալումն էր։

Ըստ Պըն Ժասէմին, երբ Պանտար պըն Սուլթան ստանձնած է Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակը ան հետամուտ եղած է սուրիական  խնդիրը «վերջացնել»ու եւ սկսած հետաքննել, թէ ինչպէս կարելի է այդ ընել ընդամէնը քանի մը ամսուայ ընթացքին: Պըն Ժասէմ շարունակած է, որ ատիկա բոլորին ցանկութիւնն էր, եւ ոչ թէ միայն Սէուտական Արաբիոյ, եւ մատնանշած, որ Պանտար Պըն Սուլթան պահանջած է հսկայական պիւտճէ, մօտաւոր 2000 միլիառ տոլար տապալելու համար սուրիական կառավարութիւնը:

Քաթարի նախկին վարչապետը նաեւ աւելցուցած է, որ Տոհա գլխաւորած է սուրիական թղթապանակը տագնապի առաջին ամիսներուն,  սակայն Պանտար Պըն Սուլթանի   «գործ»ին մէջ աւելիով  խորասուզուելէ ետք տարակարծութիւն ստեղծուած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի միջեւ թէ ով պիտի կառավարէ գործողութիւնը։

Աղբիւրը նշած է, որ 2017 թուականին, Քաթարի հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Համատ Պըն Ժասեմ որակած էր Սուրիան իբրեւ  «որս», որն անպայման պէտք էր որսալ, սակայն  դէպքերու ընթացքը ցոյց տուած էր, որ   Ծոցի երկիրները, եւ  «Արեւմտեան Պլոք»ը  չյաջողեցան իրենց  նպատակներուն մէջ։