image

Իրանի «Պանտար Ապպաս» քաղաքը մեկուսացուած կը համարուի The Telegraph

Իրանի «Պանտար Ապպաս»  քաղաքը  մեկուսացուած կը համարուի The Telegraph

Իրանի մէջ կամուրջներուն ԱՄՆ բանակին հասցուցած հարուածները հանրապետութեան մնացեալ մասին հետ հաղորդակցութեան ուղիներէն կտրած են Պանտար Ապպաս քաղաքը, որմէ կախեալ է գրեթէ ամբողջ Իրանի կեանքը, կը գրէ The Telegraph-ը։

Հրատարակութիւնը նշած է, որ շարք մը ռմբակոծութիւններու հետեւանքով 500 հազար բնակիչ ունեցող քաղաքը, ուրկէ կ՚անցնի երկրի ամբողջ առեւտուրի մօտ կէսը, յայտնուած է գրեթէ ամբողջութեամբ արտաքին աշխարհէն մեկուսացած վիճակի մէջ։ Պանտար Ապպասը երկրի մնացեալ մասին հետ կապող կամուրջները, ինչպէս նաեւ երկաթուղին, աւերուած են։

Բացի այդ, քաղաքին մէջ կը գտնուի Իրանի գլխաւոր ռազմածովային ռազմակայանը, որմէ կախեալ է Հորմուզի նեղուցը վերահսկելու Թեհրանի կարողութիւնը։

Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ Մայքըլ Ռուպին թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը աւելի շատ կը համոզուի, որ նաւահանգստային քաղաքի մեկուսացումը Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան վերականգնման գլխաւոր բանալին է։

«Փենթակոնի մէջ աւելի ու աւելի կը հակին այն միտքին, որ՝ ուզեն կամ չուզեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ ընտրութիւն չունին, եթէ կ՚ուզեն վերջ տալ այս իրավիճակին»,– ըսած է ան։

Պանտար Ապպասի մէջ գտնուող Շահիտ Ռաժայի նաւահանգիստը Իրանի «ոսկէ դարպաս»-ը կը համարուի։ Երկրի առեւտուրին գրեթէ կէսը կ՚անցնի այդտեղէն, ներառեալ՝ արդիւնաբերական սարքաւորումներ, շինանիւթեր, գիւղատնտեսական արտադրանք, սպառողական ապրանքներ, ինչպէս նաեւ պողպատ, պարարտանիւթեր եւ նաւթամթերք։

The Telegraph-ը կը մատնանշէ, որ նոր հարուածները հարցադրումներ կ՚առաջացնեն հաւանական ռազմական յանցագործութիւններու առնչութեամբ, քանի որ 1949 թուականի Ժընեւեան համաձայնութիւնները կը պահանջեն, որ պատերազմող երկիրները յստակ տարբերակեն ռազմական նշանակութեան կառոյցները քաղաքացիական ենթակառուցուածքներէն։ Փաստաթուղթը, ի թիւս այլոց, ստորագրուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ։