Սուրիացի եւ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան հաստատուած տաղանդաւոր երգիչ Ժորժ Ուասուֆ, որ վերջին ժամանակներուն հեռու կը մնար տեսակխցիկներու դիմաց երեւայ օրերս երեւում մը ունեցած է։
Ուասուֆ, որ ներկայ եղած է իր որդւոյն Ժորժ Ուասուֆ Ճունեորի փոքրիկի կնունքի արարողութեան երեխան առած է իր գիրկը եւ լուսանկարուած։
Նշենք նաեւ, որ փոքրիկը կը կոչուի Ամիա։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Ուասուֆ հոգեկան ծանր ցնցումներէ անցաւ իր սիրելի զաւակին ՝ Ուատիհի անակնկալ մահէն ետք, որուն ի հետեւանք երկար ժամանակ ուզեց առանձին եւ հեռու մնալ հանրային երեւումներէ։
Արաբական աշխարհի կտրուածքով Ժորժ Ուասուֆ այսօր ալ կը համարուի տաղանդաւոր ներկայութիւն եւ իւրայատուկ արուեստ մատուցող մեծ անուն մը։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի