Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը հետեւի իսրայէլեան ռեժիմի իւրաքանչիւր տարածաշրջանային շարժման։
«Սիոնիստական ռեժիմի տարածաշրջանային շարժերէն որեւէ մէկը չի վրիպիր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աչքէբ»,- չորեքշաբթի «Թուիթըր»-ի էջին գրած է Քանաանին։
Անոր խօսքով՝ իսրայէլեան ռեժիմը յուսալի չէ, եւ սիոնիստներու պայքարը տարածաշրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը ընդլայնելու համար չօգներ վերականգնել կեղծ ռեժիմի ներքին խարխլած հիմքը:
«Սիոնիստական ռեժիմն ատելի է աշխարհի ազգերու կողմէ եւ ապագայ պիտի չունենայ»,- եզրափակած է ան։
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոգը, որ երկօրեայ այցով Ատրպէյճան է, յայտարարած է, որ Իսրայէլն Ատրպէյճանը կը դիտարկէ որպէս արժէքաւոր ռազմավարական գործընկեր եւ «տարածաշրջանային կայունութեան խարիսխ»։
Մինչդեռ հարեւան Իրանի մասով Իսրայէլի նախագահն ըսած է, որ այն «սպառնալիք» է տարածաշրջանի համար:
Դիմելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ Հերցոգն ըսած է.«Մենք ընդհանուր տեսակէտ ունինք, ես կը տեսնեմ, որ Ատրպէյճանը մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհի եւ տարածաշրջանի մէջ։ ..Մենք ուսումնասիրեցինք անվտանգութեան համաշխարհային, տարածաշրջանային կառոյցը, որու համար Իրանը վտանգ ու սպառնալիք կը ներկայացնէ, մանրամասն քննարկեցինք այդ հարցը»: