Մենք Հայաստանի կողքին ենք Ատրպէյճանի հետ արդար խաղաղութեան հասնելու հարցով՝ խորհրդարանին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը:
Քաթրին Քոլոննայի խօսքով՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին այդ հարցով որեւէ այլ երկիր այնպիսի աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, ինչպէս Ֆրանսան, որու մասին կը վկայեն նախագահ Մաքրոնի ջանքերը:
«Մենք կ'աջակցինք Հայաստանին նաեւ գետնի վրայ՝ լարուածութեան նուազեցման հարցով: Ապրիլին ես անձամբ մեկնած էի Հարաւային Կովկաս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն օգնելու՝ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի»,- նշած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը:
Քաթրին Քոլոննան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան՝ շեշտելով, որ Ֆրանսան մեծապէս աջակցած է առաքելութեան ստեղծման, եւ այն այսօր կը նպաստէ իրավիճակի լիցքաթափման:
Հարցուպատասխանի ժամանակ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Իզապել Սանթեակոն կոչ ըրած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ անյապաղ բանաձեւ ընդունիլ՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին: «Ֆրանսան պատմական եւ եղբայրական կապեր ունի Հայաստանի հետ, մեր պարտքն է՝ գործել»,- նշած է ֆրանսացի պատգամաւորը: