image
Հրատապ լուրեր:

Մենք համաձայն չեն կրակի դադրեցման. Նաթանիահու

Մենք համաձայն չեն կրակի դադրեցման. Նաթանիահու

Իսրայէլ չի համաձայնիր ՀԱՄԱՍ-ի հետ հրադադարի հաստատման։ Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն՝ շեշտելով, որ կրակը դադրեցնելու կոչերը կը նշանակեն, որ Իսրայէլը կը զիջի ՀԱՄԱՍ-ին եւ կը յանձնուի։

«Կ՚ուզեմ յստակեցնել Իսրայէլի դիրքորոշումը հրադադարի վերաբերեալ: Ինչպէս Միացեալ Նահանգները չհամաձայնեցաւ հրադադար կնքել Փերլ Հարպորի ռմբակոծութենէն կամ սեպտեմբեր 11-էն ետք, այնպէս ալ Իսրայէլը չի համաձայնիր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները ՀԱՄԱՍ-ի դէմ հոկտեմբեր 7-ի սարսափելի յարձակումէն ետք: Հրադադարի կոչ ընելը կը նշանակէ կոչ ընել զիջելու ՀԱՄԱՍ-ին, ահաբեկչութեան եւ բարբարոսութեան։ Այդ տեղի չի կրնար ունենալ»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Նաթանիահուն։