Օրերս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունած է մեներգչուհի Մարալ Այվազը, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ հանդէս պիտի գայ համերգով մը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն:
Թերթը մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց մեներգչուհի Մարալ Այվազը, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ հանդէս պիտի գայ համերգով մը։
Իրեն ընկերացան սոյն համերգի կարգադիր յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Մարալ Այվազի երաժշտական կալուածէ ներս նուիրեալ գործունէութիւնը՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։