image

Մէկ պատ՝ բազում սէր

Մէկ պատ՝ բազում սէր

Հաճըն թաղի մեր տունը եւ յաճախած մանկապարտէզս՝ Կէրթմէնեանը, իրարմէ բաժնողը եւ իրար միացնողը մէկ պատ էր։ Եթէ յանկարծ այդ պատը փլէր, ապա մեծ մօրս սենեակը մանկապարտէզին բակէն մաս մը կը դառնար, կամ մանկապարտէզին բակը կ՚ընդլայնէր մեծ մօրս սենեակին համեստ տարածքովը: Ես հազուադէպ կը մտնէի մեծ մօրս սենեակը, որովհետեւ ան միշտ քնացած կ՚ըլլար: Իննսունը կտրած ըլլալով, կեանքին հանդէպ կրաւորական դիրք մը որդեգրած էր։ Իր մտասեւեռումը իր դեղերն էին եւ օրուան երեք ժում ճաշերը, որոնք պէտք էր մայրս զինուորական ճշդապահութեամբ հասցնէր իրեն։ Նման այլ Հաճընցիներու, մեծ մօրս համար աղջիկ թոռնիկը նախասիրութիւն մը չէր եւ գոյութիւնս զինք շատ չէր հետաքրքրեր: Հետեւաբար տեսակ մը բեկուած, կամ առհասարակ գոյութիւն չունեցած կամուրջ մը կար իմ եւ իր միջեւ:

Անկեղծ ըլլամ ըսելու, որ ես ալ անմասն չէի իմ սառնութեամբս: Շատ կը վախնայի մեծ մօրս ձեռքերուն եւ ոտքերուն վրայ յառաջացող արիւնազեղումներէն (bruises): Սկզբնական պատկերով արիւնազեղումները կը յայտնուէին սմբուկի գոյնով, 10-15 սանթիմ տրամագիծով , ապա կը փոխուէին մուգ կապոյտի, յետոյ դեղնականաչաւունի եւ վերջապէս կ՚անհետանային, իրենց տեղը զիջելով նոր արիւնազեղումներու: Ընտանիքին զարգացածները կ՚ըսէին, թէ նորէն երակ մը պայթեր է։ Պարզ էր, որ մանկապարտէզի աշակերտիս համար «պայթումները» շատ տարօրինակ, անըմբռնելի եւ վախազդեցիկ երեւոյթներ էին։ Յետագային իմացայ, գիտական

սահմանումը (Ecchymosis and contusion) եւ պատճառը այդ վախազդու արիւնազեղումներուն, բայց ինչ օգուտ…։

Բացառութիւն էին Երեքշաբթիները, երբ մեծ խանդավառութեամբ կը մտնէի մեծ մօրս սենեակը։ Մարթա հօրաքոյրս մեր տունը կու գար եւ մօրս հետ միասնաբար կը լոգցնէին դալկացած եւ նիհարուկ մեծ մայրս։ Իրականութիւնը ըսեմ, որ ոչ տաշտերը, ոչ ալ տաք ջուրի գոլորշին զիս կը գրաւէին, հապա հօրաքրոջս պայուսակէն դուրս գալիք երանութեան տոպրակը, որ ինծի համար յատուկ խնամքով պատրաստուած կ՚ըլլար։ -Հօրքո՛ւր, ի՞նչ բերիր, հօրքո՛ւր, ի՞նչ համով

բան բերիր: Հօրաքոյրս լաւ գիտէր իմ ակնկալութիւններս։ Ես կ՚ուզէի քաղցրաւենիներ, որոնք Հաճընի ընթացիկ խանութներուն մէջ (Պօղոս Աղային, Հաշուքին, քէօր Կարապետին…) չէին վաճառուեր։ Կը սիրէի մարզիփանները, որոնք պտուղներուն հարազատ տեսքով, համով եւ գոյներով պատրաստուած էին:

Մնացած օրերը պարզ եւ նոյնանման օրեր էին: Մեր տան պատն ու պատուհանը ականատեսն էին ուրախ, աշխոյժ ու խաղասէր Սիլվայի մը: Պատուհանին ներկայութիւնը զիս կը վրդովեցնէր, երբ մայրս զբօսանքի պահուն, պատուհանին ճաղերուն արանքէն սանտուիչ մը կ՚երկարէր: Ես այդ սանտուիչին տրամադրելիք վարկեաններս կորուստ կը սեպէի, որովհետեւ իմ խաղալու պահս կը կրճատէր: Կը յաջողէի մօրս տեսադաշտէն հեռանալ ու պահուըտիլ , սակայն չարաճճի դասընկերներս մօրս ձեռքէն կը վերցնէին սանտուիչը եւ յաղթանակի մը դրօշակը բռնածի պէս՝ պարտադրաբար կը յանձնէին ինծի:

Հօրաքրոջս աղջիկը՝ Լիտիա Ակիւլեանը, Կէրթմէնեան մանկապարտէզին մէջ կը պաշտօնավարէր: Ան իր կէսօրուան դադարը մեր տան մէջ կ՚անցընէր եւ մօրս համադամ ճաշերը շատ կը գնահատէր: Լիտիան ականատես կ՚ըլլար իմ յամառ պնդումներուս. «չեմ ուտեր, համով չէ, անօթի չեմ» եւ մօրս ի դերեւ սպառող ջանքերուն: Իսկոյն ան հնարամտութեամբ կը դիմէր ինծի. «Սիլվա՛, եթէ պնակիդ մէջի ճաշը լրացնես, անպայման այսօր դրամ պիտի գտնես»: Ես արդէն գոց գիտէի, որ կէսօրէ ետք՝ վերջին զբօսանքին, Լիտիան պիտի յայտնուէր եւ ճիպ ու ճիշդ ոտքիս տակ քանի մը լումայ պիտի թափէր, իսկ ես զարմանք ձեւանալով պիտի հաւաքէի «ճակտիս քրտինքով շահուած» լումաները: Այժմ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքիս վրայ, երբ կը յիշեմ սիրոյ լումաները, որոնք բարի Լիտիային ձեռքերէն կ՚իյնային վար:

Մեր արաբերէնի ուսուցչուհին՝ Սօսի Դարբինեանն էր։ Շատ գեղեցիկ, կանաչ աչքերով, գրաւիչ օրիորդ մըն էր։ Թէեւ զինք շատ կը սիրէի, բայց արաբերէն դասապահերը կ՚ատէի, հետեւաբար Սօսիին պահերուն սուտ եւ խորունկ քունի մէջ կը ձեւանայի: Խեղճ աշակերտները եւ Սօսին հազար ջանք կը թափէին, բայց ի զուր: Սիլվան չէր «արթննար», կարծես թէ Մսրայ Մելիքին շառաւիղէն սերած ըլլար։

Բնաւ չեմ կրնար մոռնալ Օրդ. Բիւզանդուհի Եարտմեանը՝ յառաջացած տարիքով, ճերմակ մազերով, բարի եւ միայնակ ապրող ուսուցչուհին: Ես յաճախ գտնուած եմ իր տունը, ընդառաջելով իր հրաւէրին եւ մօրս քաջալերանքին: Ան իմ հետս մօր մը ջերմութեամբ ու հոգածութեամբ կը վարուէր։ Նախօրօք պատրաստած փոքր նուէրներով, հրեշտակներու նկարներով եւ մանկական գրքոյկներով զիս կ՚ուրախացնէր: Կը յիշեմ անոր տան պատերուն վրայ ամրացուած Ս. գրային համարները, դէպի երկինք ու դժոխք առաջնորդող՝ նեղ ու լայն դռները, ընտանեկան նկարները: Օրդ. Բիւզանդուհիին մեծ ցաւն էր իր որբ ու հիւանդ եղբօրորդին, որուն յաճախ կ՚այցելէր եւ անոր պէտքերը սիրայօժար կը հոգար: Լիբանանի պատերազմական պայմաններուն մէջ անլուծելի հանելուկ մնաց եղբօրորդիին մահը...: Բարեբախտաբար Օրդ. Բիւզանդուհիին զօրաւոր հաւատքը եւ Աստուծոյ անսալը զինք ոտքի պահեցին:

Ինչպէ՞ս չյիշեմ իմ շատ սիրելի Օրդ. Սիլվարդ Հավունճեանը, բծախնդիր, ճշդապահ եւ

կատարելապաշտ ուսուցչուհին: Ան Ձեռայիններու եւ հանդէսներու պատրաստութեան համար երկար ժամեր դպրոց կը մնար եւ ժրաջան մեղուի պէս կ՚աշխատէր։ Անոր աշխատավայրը «մուկերու սենեակ» կոչուած պճլիկ սենեակն էր, ուր ես իր կողքը նստած մանր- մունր բաներով օգտակար կը դառնայի: Երբեմն ալ միասնաբար կը ճաշէինք։ Զարմանալի էր, որ երեկոյեան՝ Օրդ. Սիլվարդին ներկայութեան, մուկերու սենեակը ինծի վախ չէր պատճառեր, սակայն յաջորդ առաւօտ, հաւանաբար մուկերը ետ կը վերադառնային եւ իմ մանկական ըմբռնումովս սենեակը կը վերագտնէր իր վախազդեցիկ խորհրդաւորութիւնը:

Անխտիր բոլոր ուսուցչուհիները, մէկ պատ անդին գտնուող մօրս հետ շատ սիրալիր կապեր ունէին։ Մայրս իր բարեհամբոյր բնաւորութեամբ եւ վարդագոյն ժպիտով կ՚ընդառաջէր ուսուցչուհիներուն կարիքներուն: Մեր տան դուռը բաց էր հանգիստ ու խաղաղ պահ մը ցանկացող ուսուցչուհիներուն դիմաց: Հանդէսներու շրջանին, մեր տան մէջ յաւելեալ աշխուժութիւն կը յառաջանար, երբ մայրս կ՚օգնէր հանդէսի տարազներու պատրաստութեան:

Մեր մանկապարտէզին մէջ երեւոյթ մը կար, որ զիս շատ կ՚անհանգստացնէր։ Ունէինք ուսուցչուհի մը, որ լիբանանցի չէր եւ աշխատանքի արտօնագիր չունէր։ Մէյ մըն ալ լուր կը հասնէր, որ պետական քննիչները «քապսէ»ի ստուգման ելած են եւ շրջանին վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն աշխատանքի իրաւասութիւնը կը ստուգեն։ Շշուկները ակնթարթի մը մէջ աղմուկի կը վերածուէին եւ մեր տունը յարմարագոյն ապաստանարանն էր «անօրինական» ուսուցչուհիին համար: Ես ծաղիկ դասարան էի, երբ «քապսէ»ի օրերուն Օրդ. Սիլվարդը կը յայտնուէր եւ կը թելադրէր, որ երթամ ծիլ դասարան ու հսկեմ առանց ուսուցիչի մնացած աշակերտները : Այս երեւոյթը մէկ անգամ չէր պատահեր, այլ յաճախ, երբ պետական քննիչը կը յայտնուէր իր սեպ- սեւ ու հաստ ակնոցներով, խիստ դէմքով ու գիրուկ մարմինով: Քննիչին տեսքը ինքնին սարսափազդու էր, իսկ վրայէն բուրող ծխախոտին հոտը՝ խիստ խորշելի։ Գիտէի, որ ան ինչ ալ հարցնէր, որպէս պատասխան պէտք էր ըսէի. «Մուալմէ մաննա հոն» (Ուսուցչուհին հոս չէ)։ Արդէն օրին ուրիշ բան մըն ալ ըսել չէի գիտեր։ Պարտականութիւնս քննիչով չէր վերջանար, պէտք էր ծիլ դասարանի աշակերտներուն զբաղեցնէի, պատմութիւն պատմէի, խաղեր հնարէի։ Ես միայն վեց տարեկան էի եւ այս գործը իմ գլուխէս շատ վեր բան մըն էր։ Իմացած պատմութիւններս կը հատնէին եւ դպրոցական օրը իր աւարտին չէր հասներ։ Այդ պահուն օգնութեան կը հասնէին օրուան հեռատեսիլի յայտագիրները, «Bonanza»-ն իր ձիերով, «Fugitive»-ը իր անվերջ փախուստներով, «Land of the giants»-ը իր հսկաներով եւ մարդաչափներով: Վերջապէս կա՛մ ապաստանեալ ուսուցչուհին կը յայտնուէր, կա՛մ դպրոցին զանգը կը հնչէր: Մանկապարտէզին կառոյցը բաւական հին էր, ուսուցչուհիները կը վախնային, որ տեղատարափ անձրեւներէն եւ հովէն կղմինտրէ տանիքը խարխլի եւ աշակերտներուն վրայ փուլ գայ: Ձմրան խիստ օրերուն, ապահովութեան նկատառումով, դպրոցէն կանուխ կ՚արձակէին մեզի, անշուշտ չմոռնալով օրուան աւարտին երգուող մեր շատ սիրելի աղօթքը. «Տէ՛ր, քովս կեցիր, գիշեր կը մօտենայ, Տէ՛ր, քովս կեցիր, խաւար կը թանձրանայ...»:

Վաթսունականներու կիսուն Կէրթմէնեան վարժարանին վիճակուեցաւ մեր տունէն մի քանի թաղ անդին երկու նոր շէնքեր ունենալ՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան։ Ես բախտը ունեցայ նախակրթարանի նոր շէնքը յաճախելու, ուր այլեւս տեղատարափ անձրեւներէն ու արագասլաց հովերէն վախնալու հարկ չկար: Ինչպէս հին շէնքը, նոյնպէս նորակառոյց նախակրթարանիս շէնքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով... շատ կը սիրէի:

Գալով մեր տան դռկից՝ մանկապարտէզի կառոյցին, ան տոկաց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, բնութեան ցնցումներուն… եւ երկար տարիներ կանգուն մնաց: Այդ պատը՝ «սիրոյ պատը», որ կը բաժնէր մեր տունը դպրոցէս, տակաւին ամուր է, սակայն պատուհանը, ուրկէ մօրս ժպտուն դէմքը կը յայտնուէր եւ գուրգուրոտ սանտուիչներ կը մատակարէր՝ այսօր

արգելափակուած է, իր դէմ ցցուած երկաթեայ, հսկայ, սեւ կառոյցով մը։ Կէրթմէնեան մանկապարտէզին հողաշերտը ծախուեցաւ եւ անոր նոր տէրերը չմտածեցին կառուցել կրթական կամ մշակութային հիմնարկ մը, այլ բարձրացուցին խմիչք եւ ուտեստեղէն սպասարկող կառոյց մը: Չեմ կրնար մեղադրել...։ Չէ՞ որ այսօրուան գրաւականը՝ շեշտը, կը դրուի այն իրողութեան վրայ, թէ կառոյց մը ինչքանո՞վ եկամտաբեր է եւ որքա՞ն հասոյթ կ՚ապահովէ: Ոչ միայն Հաճընի մէջ, այլեւ համատարած եւ ընթացիկ երեւոյթ դարձած է վարժարաններու փակուիլը…։ Նուրբ եւ ցաւոտ ծալքերու մէջ չեմ ուզեր մտնել, երեւի ես ալ ուրիշներուն նման ակամայ պիտի «ընդունիմ», որ այսօրուան չափանիշներով՝ վայելքի ու զբօսաշրջիկներ գրաւող կառոյցները, աւելի առաջնահերթ են, քան երբեմնի, մեր «համեստ» վարժարանները:

 

 

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

  

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...