Մարտ 7-ին Ռուսաստանէն դէպի Հայաստան 36 թռիչք նախատեսուած էր: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Զուարթնոց» օդակայանի կայքը։
Օրուայ ընթացքին 24 թռիչք պիտի իրականացուի Մոսկուայէն, 3-ը՝ Սոչիէն, 3-ը՝ Սէյնթ Փիթըրսպըրկէն, 3-ը՝ Միներալնիէ Վոտիէն, 1-ը՝ Վոլկոկրատէն, 1-ը՝ Քազանէն, 1-ը՝ Մախաչկալայէն։
Ըստ «Զուարթնոց» օդակայանի ժամանակացոյցին, վաղը նախատեսուած է 11 թռիչք․ 4-ը՝ Մոսկուայէն, 3-ը՝ Սէյնթ Փիթըսրսպըրկէն, 1-ական թռիչք Ուֆայէն եւ Սամարայէն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ ռուսական օդագնացութիւնը խնդրած էր օդանաւային ընկերութիւններէն դադրեցնել թռիչքները արտերկիր Մարտ 6–էն սկսեալ, իսկ Մարտ 8-ին փակել նաեւ միջազգային թռիչքները Ռուսաստանի ուղղութեամբ: