image

Մարտունիէն գտնուած է 2 զինուորի աճիւն

Մարտունիէն գտնուած է 2 զինուորի աճիւն

Մարտունիի շրջանի` Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ կատարուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով, «Կամար» տեղամասէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած է եւս 2 հայ զինուորի աճիւն։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

Անոնց ինքնութիւնը կը հաստատուի ՀՀ-ի մէջ դատաբժշկական փորձաքննութենէ ետք։

Նշենք, որ զինադադարէն ետք մինչեւ օրս տարհանուած է ընդհանուր 1647 աճիւն։