Մարտ 16-ին, ժամը 21:10-ի սահմաններուն, հանրապետութեան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինուոր, շարքային Ալպերթ Լեւոնի Սիրոյեանի (ծն. 2002) դին` ծնօտի հրազէնային վիրաւորմամբ:
ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան իններորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 360.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով քննուող քրէական գործի շրջանակներուն մէջ կ'իրականացուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ` պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Ալպերթ Լեւոնի Սիրոյեանի մահուան հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:
ՔԿ-էն կը յայտնեն, որ նախնական տուեալներով, 2022-ի Մարտ 16-ին` ժամը 21:10-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ, իրեն ամրակցուած «Ակ-74» տեսակի ինքնաձիգէն կզակին արձակուած կրակոցէն հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է պարտադիր ժամկրտային զինուոր, շարքային Ալպերթ Լեւոնի Սիրոյեանը:
Կը կատարուի նախաքննութիւն:
Նշենք, որ Քրէական օրէնսգիրքի 360.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտը կը սահմանէ. «Զօրամասում կամ զինուորական ծառայութիւն կրելու այլ վայրում զինծառայողին սպառնալիքի, դաժան վերաբերմունքի կամ անձնական պատիւն ու արժանապատուութիւնը պարբերաբար նուաստացնելու միջոցով անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան կամ ինքնասպանութեան փորձի հասցնելը մէկ այլ զինծառայողի կողմից, մարտական հերթապահութիւն կամ մարտական ծառայութիւն կրելու ընթացքում, պատժւում է ազատազրկմամբ` վեցից ինը տարի ժամկէտով»: