image

Մաքրոն-Մորավսքի բանակռիւ. Պատճառը նախագահ Փութինի հետ կապի մէջ ըլլալն է

Մաքրոն-Մորավսքի  բանակռիւ. Պատճառը նախագահ Փութինի հետ  կապի մէջ ըլլալն է

Ես լիովին պատասխանատուութիւն կը վերցնեմ Ռուսաստանի նախագահին հետ Ֆրանսայի անունով իմ մշտական զրոյցին համար` պատերազմէն խուսափելու եւ Եւրոպայի մէջ տարիներ շարունակ խաղաղութեան համար նոր կառոյց կառուցելու համար

 

Չորեքշաբթի օր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դատապարտած է Լեհաստանի վարչապետ Մաթէուշ Մորավսքիի քննադատութիւնը` կապուած Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութեան վերաբերեալ Մաքրոնի յաճախակի հեռախօսազրոյցներուն հետ, այդ յայտարարութիւններն անուանելով «անհիմն» եւ «խայտառակ»:

Մաքրոն ֆրանսական TF1 հեռուստատեսային ցանցին ըսած է, որ այս յայտարարութիւնները իրեն չեն զարմացուցած, քանի որ Մորավսքի, որ «կը պատկանի ֆրանսական քաղաքական արշաւին միջամտող ծայրայեղ աջ կուսակցութեան», «բազմիցս ընդունած է Մարին Լը Փենը, Ազգային ժողովի այն թեկնածուն, որուն ինք կը «սատարէ»:

Մի քանի օր առաջ Լեհաստանի վարչապետը ուղերձ յղած էր Մաքրոնին, ուր ան ըսած էր. «Նախագահ Մաքրոն, քանի՞ անգամ բանակցած էք Փութինի հետ, ի՞նչ ստացած էք, մենք յանցագործներու հետ չենք քննարկեր եւ չենք բանակցիր: Յանցագործներու դէմ պէտք է պայքարիլ»:

«Ոեւէ մէկը Հիթլերի հետ չէ բանակցած», աւելացուցած է Վարշաւայի մէջ իշխող «Օրէնք եւ Արդարութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Մորավսքին եւ հարց տուած է. «Կը բանակցէի՞ր Հիթլերի, Սթալինի կամ Փոլ Փոթի հետ»:

Չորեքշաբթի երեկոյեան Մաքրոն պատասխանած է այս քննադատութիւններուն` ըսելով. «Ես լիովին պատասխանատուութիւն կը վերցնեմ Ռուսաստանի նախագահին հետ Ֆրանսայի անունով իմ մշտական զրոյցին համար` պատերազմէն խուսափելու եւ Եւրոպայի մէջ տարիներ շարունակ խաղաղութեան համար նոր կառոյց կառուցելու համար»:

«ես այդ ըրած եմ իմ պաշտօնավարման սկիզբէն եւ երբեք միամիտ չեմ եղած, ի տարբերութիւն ուրիշներու, եւ երբեք չեմ եղած մեղսակից, ի տարբերութիւն ուրիշներու», աւելցուցած է ան` քննադատելով իր մրցակից Լը Փենը, որու հակառակորդները զայն կը մեղադրեն Քրեմլինի տիրոջ հետ ունեցած ամուր կապերուն համար:

Մաքրոն նաեւ ընդգծած է, որ ինք միշտ ձգտած է խօսելու Ռուսաստանի հետ` «հրադադարի եւ մարդասիրական զինադադարի հասնելու համար»: