image

Մանուէլ Գրիգորեանը տեղափոխած են հիւանդասայլակի վրայ

Մանուէլ Գրիգորեանը տեղափոխած են հիւանդասայլակի վրայ

Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Մանուէլ Գրիգորեանը «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է անոր պաշտպան Արսէն Մկրտչեանը:

«Ըստ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին՝ Մանուէլ Գրիգորեանին անհրաժեշտ է շարունակել մշտական բուժումը»,-նշած է Արսէն Մկրտչեանը:

Վերջինս ըսած է սակայն, որ այս պահին պարզ չէ, թէ Մանուէլ Գրիգորեանը պիտի մնայ այնտեղ, թէ պիտի տեղափոխուի «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ:

Յիշեցնենք, որ Մանուէլ Գրիգորեանը 22 յունուարէն կը գտնուի «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս: