image
Հրատապ լուրեր:

9 բուժառու Արցախէն տեղափոխած է Հայաստան

9 բուժառու Արցախէն տեղափոխած է Հայաստան

5 սեպտեմբերին ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) 9 բուժառու՝ ուղեկցողներու հետ միասին, անյետաձգելի մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Նախատեսուած է օրուան ընթացքին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ինքնաշարժներով Արցախ վերադարձնել 2 բուժառու, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։

«Արեւիկ» բժշկական միաւորումին մէջ այս պահուն բուժում կը ստանայ 24 երեխայ, 7-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ բուժում կը ստանայ 90 հիւանդ, 3 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որմէ 1-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։