Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ բժշկուհի՝ Միլենա Սուքիասեան։
Բժշկուհին մաս կը կազմէր Երեւանի «Էրեբունի» հիւանդանոցի մեծ ընտանիքին։
Որպէս մանկաբարձ ան երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէր նշուած հիւանդանոցին մէջ եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան կարողացած էր դառնալ յաջողակ եւ սիրուած բժշկուհի։
Այս տխուր առթիւ ալ «էրեբունի» հիւանդանոցը հրապարակած է հակիրճ գրառում մը նշելով,
«Նրա աշխատանքի շնորհիւ բազմաթիւ երեխաներ են լոյս աշխարհ եկել, բազմաթիւ կանայք ստացել են բարձրակարգ բուժօգնութիւն։ Հոգատար եւ իր գործին նուիրուած բժշկուհին «էրէբունի» բժշկական կենտրոնում աշխատել է 2003 թուականից, աւելի քան 20 տարի»։
Նշենք, որ սիրուած բժշկուհին մահացած է քաղցկեղի հետեւանքով. Բժիշկները , որոնք մեծ պայքար տարած են փրկելու համար վերջինիս կեանքը, ցաւօք չեն յաջողած փրկելու երիտասրդուհի բժիշկին կեանքը։