Ցաւալի կորուստի մը բօթը «Արեւելք» այս անգամ ստացաւ Գանատայէն։
Իր աչքերը յաւերժին փակած է Գանատայի հայկական գաղութէն ներս յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող տիկն. Արմէնուհի Գոլոլեան։
Հանգուցեալի մահուան բօթը ուշադրութեան կեդրոն եղած է նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին։
Ստորեւ այդ մասին Առաջնորդարանին կողմէ տրուած մահագրութիւնը։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն մահը՝ Տիկին Արմէնուհի Գոլոլեանի, որ պատահեցաւ 4 Յուլիս 2024-ին։
Հանգուցեալը, եզակի դէմք եղած է Գանատահայ գաղութէն ներս։ Եղած է հիմնադիրը Թորոնթոյի «Գոլոլեան» Նախակրթարանին։ Տիկին Գոլոլեան արժանացած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»