Լոս Անճելոսի մէջ վերջին հրաժեշտ տուած են անուանի տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանին:
Ճիւան Գասպարեան կրտսերը յուզուած նշած է. «Ամենամեծ գործն այն է, որ ես իր գործը շարունակեմ: Նա արդէն իր օրհնութիւնը տուել էր, որ ինձ մօտ ստացուում է: Սիրով եմ դա անում»:
Ան տեղեկացուցած է, որ յուղարկաւորութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ, 24 Յուլիսին, Ճիւան Գասպարեանը պիտի թաղուի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
Նշենք, որ 6 Յուլիսին յայտնի դարձաւ, որ մահացած է մեծ երաժիշտը։