Լոս Անճըլըսի մէջ. Էլիզապէթ Պէյլերեան-Այնիլեանի կորուստը

  Լոս Անճըլըսի մէջ. Էլիզապէթ Պէյլերեան-Այնիլեանի կորուստը

 

 Լոս Անճըլըսի մէջ. Էլիզապէթ Պէյլերեան-Այնիլեանի կորուստը 

Լոս Անճելոսի մէջ, 10 Հոկտեմբեր, 2023-ին, իր մահկանացուն կնքած է յարգուած հայուհի եւ նուիրեալ մայր՝ Էլիզապէթ Պէյլերեան-Այնիլեանը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր խմբագրութեանը յղուած մահագրականը։

Էլիզապէթ Պէյլերեան-Այնիլեան

Ծնած է 20 Յունուար, 1927-ին, Աղեքսանդրիա-Եգիպտոս:

Ծնողներն են՝ հայրը՝ Աբգար Պէյլերեան, մայրը՝ Մանուշակ Գարամանուկեան-Պէյլերեան. Ունեցած է երեք քոյր-եղբայր՝ Եսթեր, Գէորգ եւ Մարի Պէյլերեաններ: 

Յաճախած է տեղւոյն հայկական Նուպարեան վարժարանը. ուսումը ընդհանտուած է աշխատանքով, որպէսզի նեցուկ կանգնի իր ընտանիքին:

Էլիզապէթ աշխատած է General Motors ամերիկեան ընկերութեան մէջ եւ սորված է short hand գրելաոճը: Կը խօսէր 5 լեզուներ՝ ունենալով պայծառ եւ արթուն միտք:

1960-ին ամուսնացած է Ճորճ Այնիլեանին հետ եւ տեղափոխուած Հալէպ-Սուրիա: Աստուած իրենց պարգեւած է երկու սիրասուն զաւակներ՝ Անին եւ Արմէնը:

Էլիզապէթ Այնիլեան եղած է ժրաջան, գործօն անդամ Հայ Աւետարանական համայնքի մէջ: Ան իր ծառայութիւնները բերած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցիէն ներս՝ իբր հոգաբարձու, նաեւ տիկնանց յանձնախումբէն ներս: Ան իր ծառայութիւնը նաեւ բերած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին մէջ:

Ան արժանացած է բոլորին սիրոյն եւ յարգանքին իր բծախնդիր եւ պարտաճանաչ նկարագրին համար: Ըլլալով հիւրընկալ, ազգականները եւ բարեկամները վայելած են իր համադամ զանազան ճաշերը, տարբեր առիթներով:

Էլիզապէթ իր ամուսնոյն՝ Ճորճին հետ դաստիարակած եւ մեծցուցած է իրենց երկու զաւակները՝ Անին եւ Արմէնը, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, անոնց տալով հայեցի, աստուածավախ դաստիարակութիւն, անոնց մէջ զօրացնելով ծառայութեան հոգին՝ թէ եկեղեցւոյ, թէ հայ մշակոյթին:

Հալէպի (2011թ.) պատերազմը անգամ մը եւս ստիպեց Էլիզապէթը տեղափոխուիլ, այս անգամ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, ուր ան կը հաստատուի իր զաւկին՝ Արմէնին եւ ընտանիքին հետ, եւ ուր իր աղջիկը՝ Անին, հաստատուած էր աւելի շուտ:

Ան 10 տարիներ կ'ապրէր Արմէնին տաքուկ եւ հոգատար բնակարանը, շրջապատուած իր հարսով՝ Սալբի եւ թոռներով՝ Ճօրճ եւ Սարգիս:

Էլիզապէթ միշտ ուրախ եւ հպարտ կը զգար իր զաւակներով եւ անոնց կողակիցներով՝ Անիին եւ Հանրիին (Ապաճեան) զաւակները՝ Աստղիկ եւ Արեւիկ, նաեւ Արմէնին եւ Սալբիին (Գարամանուլեան-Այնիլեան) զաւակները՝ Ճորճ եւ Սարգիս:

Ան ի Տէրն կը ննջէ 10 Հոկտ. ,2023-ին, շրջապատուած իր սիրելիներով, իր տան մէջ, ապրելով 96  տարիներ:

Թող իր քաղցր յիշատակը օրհնեալ ըլլայ: