Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն. դիւանագէտին «նոթա» յանձնած են՝ պահանջելով դադրեցնել որեւէ օգնութիւն Ռուսիոյ մէջ անցանկալի ճանչցուած ամերիկեան երեք ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններուն:
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Անոր տեղեկացուցած են ամերիկեան երեք Հասարակական կազմակերպութիւններու՝ «Միջազգային կրթութեան ամերիկեան խորհուրդներ», «Մշակութային հեռանկարներ» եւ «Միջազգային կրթութեան հիմնարկ» կազմակերպութիւնները «անցանկալի» յայտարարելու մասին:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ անոնք դեսպանութեան աջակցութեամբ կ՚իրականացնեն հակառուսական ուղղուածութեան ծրագրեր եւ նախագիծեր, որոնք նպատակ ունին հաւաքագրելու «ազդեցութեան գործակալներ»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թրէյսիին ըսած է նաեւ, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներքին գործերուն միջամտելու փորձերը խստօրէն պիտի ճնշուին, ներառեալ ամերիկեան դեսպանատան ներգրաւուած աշխատակիցներու արտաքսումը որպէս «փերսոնա նոն կրաթա»։