image

Լիբանանի ընտրութիւններ. Հայկական շրջաններուն մէջ իրավիճակը բնականոն է.Arevelk.am (Լուսանկարներ)

Լիբանանի ընտրութիւններ. Հայկական շրջաններուն մէջ իրավիճակը բնականոն է.Arevelk.am (Լուսանկարներ)

 

 

 Հայահոծ շրջաններուն մէջ մեր հայրենակիցները կազմակերպուած ձեւով կը մասնակցին այս ընտրութիւններուն եւ կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնները։

 

 

Լիբանանի մէջ այսօր առաւoտուն ընթացք առած ընտրութիւնները կը շարունակուին բնականոն հունով։ 

 

Աւելի վաղ «Արեւելք» «Էլ Նաշրա» կայքէն առնելով իր տեղեկութիւնները հաղորդած էր, որ ընթացող ընտրութիւններուն ամէնէն աւելի իրենց կազմակերպուածութեամբ երեւելի դարձած են «Լիբանանեան ուժեր» եւ «Հըզպալլա» կուսակցութիւնները։

Arevelk.am-ի Պէյրութի աղբիւրը կը յայտնէ, որ հայկական շրջաններուն մէջ իրավիճակը կ՚ընթանայ բնականոն հունով եւ ինչպէս նախատեսուած էր ամէնէն աւելի տիրական ուժը եւ ընտրամեքենեն կը համարուի ՀՅԴ-ի ընտրական մեքենան։

Հայահոծ շրջաններուն մէջ մեր հայրենակիցները կազմակերպուած ձեւով կը մասնակցին այս ընտրութիւններուն եւ կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնները։

 

 

 Լուսանկարները ՝ Պէյրութահայ լուսանկարիչ Ալէքս Կիւրիւնլեանի ոսպնեակէն։