image

Լիբանանի մէջ հացի սուր տագնա՞պ

 Լիբանանի մէջ հացի սուր տագնա՞պ

Չի բացառուիր, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի մէջ հացի պակաս նկատուի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Սաութ Պէյրութ Ինթէրնաշընըլ» կայքէն։

Աղբիւրը մասնաւորապէս նշած է, որ անցնող օրերուն երկրով մէկ հացի պակաս նկատուած է եւ կարգ մը փուռերու աշխատանքը ենթակայ եղած է, որոշ սահմանափակումներու։

Պատճառը ըստ աղբիւրին պետութեան կողմէ «հովանաւորեալ» ալիւրին պակասն է, տրուած ըլլալով, որ Միքաթիի կառավարութիւնը եւ յատկապէս ելեւմուտքի նախարարութիւնը պէտք եղած գումարային յատկացումները չի կատարէր, այդպիսով ալ պատճառ դառնալով հացի խնդրի սրացման։

Ամէն պարագային յառաջիկայ ժամերուն պատկերը աւելի յստակ պիտի դառնայ, մանաւանդ, որ հացի տագնապին սրացումը կրնայ լուրջ պատճառ դառնալ, որ «Լիբանանեան փողոց»ը դարձեալ բողոքի գործողութիւններու դիմէ։